Jump to content

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Կանանց Յուշարձան

Երկրորդ համաշխարհային Պատերազմի Կանանց Յուշարձան (անգլMonument to the Women of World War II), Լոնտոնի Ուայթհոլ փողոցին վրայ Կենոտաֆէն հիւսիս գտնուող Մեծն Բրիտանիոյ ազգային պատերազմի յուշահամալիր: Հեղինակն է քանդակագործ Ճոն Ու. Միլսին: Բացման արարողութիւնը կատարած է Էլիզապէթ Բ.-ը, Յուլիս 2005-ին:

Հիմնադրում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշահամալիրին ստեղծման գաղափարը 1997-ին առաջարկած է թոշակառու դիւանագէտ Տէյվիտ Մակնոլի Ռոպըրթսընը, որ ըսած է, թէ բազմաթիւ երկիրներ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին կանանց կատարած աշխատանքը յաւերժացնող ազգային յուշարձան ունին, մինչդեռ Մեծն Բրիտանիան չունի[1]:

Նախորդ արշաւներու արդիւնքով, Ռոպըրթսընի մասնակցութեամբ իրականացուած դրամահաւաքով, յաջողած էին յուշատախտակ մը փակցնել Նիւ Եորքի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ:

Յուշահամալիրին ստեղծման նպատակով կը կազմակերպուի դրամահաւաք մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ազգային ժառանգութեան յիշատակի հիմնադրամը: Պարոնուհի Պութրոյտը դրամահաւաքի 800,000 ֆունտ ստերլինկի կոկիկ գումար մը ձեռք կը բերէ «Ով կ'ուզէ միլիոնատէր դառնալ» պատկերասփիւռի ծրագիրին ընթացքին:

Արշաւին յառաջատարներն էին՝ նախկին հրացանակիրներ Էտնա Սթորրը եւ Միլտրէտ Ուիլը[2]: Դրամահաւաքին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն նաեւ՝ Բրիտանական Կայսրութեան շքանշանակիր Վերա Լիննը եւ Բրիտանական թագաւորական ընտանիքին անդամ արքայադուստր Աննան[1]: Դրամահաւաքին կ'աջակցին նաեւ քաղաքական գործիչներ Ճոն Կրոկան, Հիու Պէյլին, Պարոնուհի Ֆինլա Լանտաֆցին եւ Ռոպըրթ Քրաուֆորտը[3]:

Ազգային ժառանգութեան յիշատակի հիմնադրամը կը յատկացնէ 934,115 ֆունտ ստերլինկ[3] [4]: Գումարին մնացած մասը կը յատկացնէ Նիւ Եորքի մէջ հիմնադրուած Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յուշահամալիրին հիմնադրամը:

Նախագիծ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախագիծին նախնական տարբերակը կը ներկայացնէր օդային յարձակման հսկիչ կին մը, որ ապաստան կու տար երեխաներու: Այս տարբերակը կը մնայ, մինչեւ վերջնական տարբերակին վաւերացումը[1]:

Պրոնզէ յուշարձանը ունի 6,7 մեթր բարձրութիւն[4], 4,9 մեթր երկայնք եւ 1,8 մեթր լայնք[3]: Պատերազմի ժամանակաշրջանին գիրքերուն մէջ օգտագործուած նոյն տառատեսակը օգտագործուած է յուշարձանին կողերուն վրայ տեղադրուած գրութիւններուն համար: Յուշարձանին շուրջը 17 անհատական հագուստներ ու համազգեստներ կան, որոնք կը խորհրդանշեն Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին կանանց ստանձնած տարբեր աշխատանքները[5]: Հանդերձանքը կը ներառէ համազգեստներ, որոնք հագած են կիներ ցամաքային բանակին մէջ, արքայական ռազմածովային նաւատորմին մէջ, բուժքրոջ եւ ոստիկանի տարազներ եւ զօդման դիմակ[1]:

Յուշարձանին բացումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշարձանին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 9 Յուլիս 2005-ին, Լոնտոնի պայթումներէն երկու օր ետք: Յուշարձանին բացումը կատարած է Էլիզապէթ Բ.-ը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին 60-ամեայ տարեդարձին միջոցառումներուն ընթացքին: Բացման արարողութեան մասնակցած են նաեւ Պարոնուհի Պութրոյտը, Մարկրէթ Թաչըրը, Վերա Լիննը, Պաշտպանութեան քարտուղար Ճոն Ռէյտը, ինչպէս նաեւ պատերազմի վեթերան կանայք[5] եւ Ֆրանսական դիմադրութեան բրիտանացի գործակալ Նենսի Ուէյքը[6]: Բացման հանդիսութեան ընթացքին անցած են հինգ ուղղաթիռներ՝ Apache, Sea King, Lynx, Chinook եւ Merlin, զորս վարած են կանանց անձնակազմը: Անոր յաջորդած են կին օդաչուներու վարած երկո�� Tornado ADV-ները[5]:

Վայրագութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մայիս 2015-ի ընտրութիւններուն, Մեծն Բրիտանիոյ պահպանողական կուսակցութեան յաղթանակէն ետք, յուշարձանը ներկուած է կարմիր գրութեամբ մը[7]: Դաունինկ փողոցը պատահարը համարած է «վիրաւորական», եւ նուազագոյնը 17 անձ ձերբակալուած է Ուայթհոլ փողոցին բախումներուն ընթացքին[8]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]