Jump to content

Թուզ

Թուզ, կամ թզենի (լատ.՝ Fícus cárica), կամ ֆիքուս, մերձարեւադարձային տերեւաթափ ֆիքուս։ Քաղցրահամ պտուղներու շարքին թուզը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ՝ սնուցիչ ու բուժիչ իր բացառիկ յատկութիւններով։

Փոքր Ասիոյ, Կովկասի եւ Խրիմի մէջ պտուղը կ'աճեցնեն իբրեւ թանկարժէք պտղատու բոյս։ Լայն տարածում ունի Միջերկրածովեան երկիրներու մէջ, Վրաստանի, Հայաստանի լեռներու, Ապշերոնի թերակղզիի, Ազրպէյճանի կեդրոնական շրջաններու, Կրասնոտարի մարզին եւ Աբխազիոյ մէջ։

Թուզը կը համարուի ամէնէն հին մշակուող բոյսերէն մէկը, ըստ կարգ մը տուեալներու՝ հաւանաբար ամէնէն հինը։Թուզի մշակմամբ զբաղած են Արաբիոյ մէջ, ուրկէ տարածուած է Փիւնիկէ, Սուրիա եւ Եգիպտոս։

Ք.Ա. 13-րդ դարուն կարեւոր դեր ունեցած է Փիլոս թագաւորութեան գիւղատնտեսութեան մէջ։

Ամերիկա հասած է միայն ԺԶ. դարուն։

Աստուածաշունչին մէջ յիշատակուող թզենիի տերեւը Ադամը եւ Եւան օգտագործած են իրենց մերկութիւնը ծածկելու համար։

Բուսաբանական Նկարագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բաց մոխրագոյն հարթ կեղեւով ծառ մըն է, տերեւները մեծ են, հերթադիր, բլթակաւոր, արտաքինէն՝ մուգ կանաչ, ստորին մակերեսէն՝ բաց գունաւորուած, խաւապատ, ունին իւրայատուկ հոտ, փրցնելու ատեն կը նկատուի կաթնահիւթի արտահոսք, որ կարգ մը ազգերու պարագային պտղաբերութիւն կը խորհրդանշէ։

Ծաղիկին բանաձեւն է՝ , ինչպէս նաեւ մեծ ծաղկաբոյլ, որուն մէջ արական ծաղիկները նուազ են, իսկ իգականները ունին երկար սիւներ եւ բեղմնաւորումէն ետք՝ կը յառաջացնեն միակի սերմով պտուղներ, ընկոյզի ձեւով։ Թուզը հիւթալի, քաղցր, տանձանման, մէջը կորիզներով պտուղ է։ Ծածկուած է բարակ, փոքր մազիկներ ունեցող կեղեւով։ Վերին մասին մէջ ունի փոսիկ եւ աչքեր։ Թուզը ունի տարբեր գունաւորումներ՝ դեղինէն մինչեւ սեւ եւ կապոյտ։ Աւելի շատ տարածուած են դեղին եւ կանաչ թուզերը։

Քիմիական բաղադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
2012-ին մեծագոյն թուզ արտադրողները(թոներով)
Տեղ Երկիր Արտադրութիւն
1 Թուրքիա 274 535
2 Եգիպտոս 171 062
3 Ալճերիա 110 058
4 Մարոք 102 694
5 Իրան 78 000
6 Սուրիա 41 224
7 Միացեալ Նահանգներ 35 072
8 Պրազիլ 28 010
9 Ալպանիա 27 255
10 Թունուզ 25 000
Աշխարհ 1 031 391
Աղբիւր՝ ՄԱ Պարէնի Եւ Գիւղատնտեսութեան Կազմակերպութիւն[1]
Չոր թուզ

Թուզին թարմ պտուղները կը պարունակեն մինչեւ 24% (այլ տուեալներով մինչեւ 75%) շաքար (կլիւքոզ, ֆրուքթոզ), իսկ չոր պտուղները՝ մինչեւ 37%։ Պտուղները կը պարունակեն օրկանական թթուներ, դաբաղանիւթեր, սպիտակուցներ եւ ճարպեր։ Թուզին թարմ պտուղները կը պարունակեն մինչեւ 1․3% սպիտակուցներ, 11․2 շաքար, թթուներ՝ միայն 0․5%։

Չոր պտուղներուն մէջ սպիտակուցներու պարունակութիւնը կ'աւելնայ մինչեւ 3-6%, շաքարը՝ մինչեւ 40-50%, ինչ որ անոնց կու տայ շատ քաղցր համ եւ կը դառնայ շատ յագեցնող (չոր պտուղներու քալորիականութիւնը՝ 214 քքալ․/100 կր.)։

Պտուղները կը պարունակեն նաեւ կենսանիւթեր (β-քարոթին), հանքային նիւթեր (նաթրիում՝ 18 մկ/100 կր, փոթասիում՝ 268, քալսիում՝ մինչեւ 34, մակնեզիում՝ մինչեւ 20, ֆոսֆոր՝ մինչեւ 32)։ Փոթասիումի պարունակութիւնը այնքան շատ է, որ կը զիջի միայն ընկոյզին։ Չհասունցած պտուղները կը պարունակեն լեղի կաթնային համ եւ պիտանի չեն ուտելու համար։

Առաւելաբար ճոխ է շաքարի իր պաշարը (30-40%)։ Այս մարզին մէջ խաղողը միայն կրնայ մրցիլ անոր հե��։ Իսկ շաքարը, ինչպէս յայտնի է, աղբիւր է մարմինին անհրաժեշտ ջերմուժին, որ կ'ապահովէ հիւսկէններուն եւ մկաններուն կեանքն ու աշխատանքը։

Բացի շաքարէն՝ թուզը հարուստ է «Ա», «Պի», եւ «Սի» Կենսանիւթերով, հանքային աղերով (երկաթ, պրոմ, կիր, մանկէզ), նաեւ իւղով եւ բորակածին պարունակող տարրերով[2]։

Սննդային արժէքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Առաւօտ կանուխ, անօթի փորով կերուած կէս քիլօ թուզը դարման մըն է պնդութենէ տառապողներուն համար։
  • Չոր թուզը եւ չոր թուզով պատրաստուած անուշապուրները սննդական աւելի արժէք կը ներկայացնեն քան թարմ թուզը, իսկ թուզի բոլոր անուշեղէններն ու օշարակները սնուցիչ են եւ միշտ թեթեւ ու անվնաս լծողականի մը դերը կը խաղան՝ պնդութենէ տառապողներուն պարագային։
  • Թուզը դիւրամարս է եւ մատչելի՝ ամէնէն փափուկ ստամոքսներուն իսկ։ Պարունակած փոքրիկ հունտերը կ'աշխուժացնեն ստամոքսին եւ աղիքներուն աշխատանքները, իսկ հանքային աղերն ու փայտամասը (սելլիւլոզ) կը մաքրեն ու կը տանին իրենց հետ աղիքներու հուզաթաղանթներուն կուտակուած թոյները։
  • Թուզին բուժիչ յատկութիւնները կը զգացուին նաեւ թոքերու, կոկորդի, բերնի հուզաթաղանթներուն վրայ, ինչպէս եւ այլ պարագաներու։
  • Ցնցղատապը կամ ծանր հարբուխը հնարաւոր է հանդարտեցնել եւ բուժել՝ լիթր մը ջուրի մէջ եռացած ափ մը չոր թուզի խաշուքը խմցնելով հիւանդին։ Նոյն այդ խաշած ջուրը խառնելով քիչ մը կաթի՝ կարելի է ցօղուել բերանը, լինտերու եւ կոկորդի հուզաթաղանթներու բորբոքումները ամոքելու եւ չքացնելու համար։
  • Թզենիի տերեւներուն խաշուկը նմանապէս կը հանդարտեցնէ հազը, իսկ թզենիի թարմ ճիւղերու խաշուկը կը խմուի՝ փորը թոյլ պահելու համար։ Ցաւով դաշտան ունեցողներն ալ կրնան խմել այս վերջին խաշուկէն՝ ամսագլուխէն մէկ-երկու օր առաջ։
  • Թուզ ուտելէ զգուշանալու են՝ միայն փորհարութիւն ունեցողները եւ շաքարախտաւորները:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-27 
  2. Թուզը