Jump to content

Կիլիկիոյ Պետական Կարգը

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւն

Կիլիկեան Հայաստանի պետական կարգը, ձեւաւորուած է աւատատիրական Հայաստանի աւանդոյթներուն հիման վրայ՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հաստատուած խաչակիր ասպետներու իշխանութիւններու եւ եւրոպական պետութիւններու կառավարող մարմիններու ազդեցութեամբ։

Թագաւորին գործառոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թագաւորը՝ իբրեւ պետութեան գլուխը եւ երկրին գերագոյն տէրը, օժտուած էր բացառիկ իրաւունքներով եւ առանձնաշնորհումներով։ Ան իր մշտական դեսպանները ունեցած է Հռոմի, Նափոլի, Կոստանդնուպոլսոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Եգիպտոսի եւ Մոնկոլիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ այլ տեղեր։

Կիլիկեան Հայաստանի թագաւոր Լեւոն Բ.

Արքունիքին կառուցուածքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թագաւորութեան հռչակումէն ի վեր պետութիւնը կառավարած է արքունիքը, որ բաղկացած էր՝

  1. գործակալութիւններէ,
  2. վերին արքունի ատեանէն:

Վերին արքունի ատեանին գործառոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ատեանին նիստերուն կը մասնակցէին մեծ իշխանները՝ բերդատէր պարոնները։ Վերին արքունի ատեանը խորհրդատուի իրաւասութիւն ունէր, իսկ նիստերը կը վարէր թագաւորը։

Պետութեան ազդեցիկ գործակալութիւններէն էր պայլութիւնը կամ խնամակալութիւնը։

Պայլին գործառոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պայլը թագաւորին առաջին խորհրդականը եւ գահաժառանգին դաստիարակն էր, իսկ գահակալին անչափահասութեան պարագային՝ անոր խնամակալն ու պետութեան կառավարիչը։ Ան պետութիւնը կը կառավարէր նաեւ թագաւորին երկիրէն ժամանակաւոր բացակայութեան ընթացքին։

Սպարապետին գործառոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սպարապետութեան գործակալը՝ սպարապետը կամ գունդստապլը, կը տնօրինէր ռազմական գործերը։ Ան թագաւորին առաջին տեղակալն էր. կը գլխաւորէր ինչպէս արքունի, այնպէս ալ իշխանական զօրամիաւորումները։ Բանակին սպառազինման եւ պարենաւորման գծով սպարապետին տեղակալը կոչուած է մարաջախտ։

Ջանցլերին (կանցլեր) գործառոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արքունի դպրապետութեան (քարտուղարութիւն) գործակալը՝ ջանցլերը (կանցլեր) կամ ատենադպիրը, վարած է արտաքին գործերը, կազմած եւ թագաւորին հետ ստորագրած է պետական հրովարտակները եւ շնորհագիրերը։ Ան պահած է պետական կնիքը, ղեկավարած դիւանագիտական յարաբերութիւնները, թագաւորին անունով բանակցութիւններ վարած՝ օտարերկրեայ պետութիւններու հետ։ Այդ պաշտօնը սովորաբար վարած է Սիսի արքեպիսկոպոսը, երբեմն՝ օտար լեզուներու գիտակ, տաղանդաւոր անձ մը (օրինակ՝ Վահրամ Րապունի վարդապետը)։

Սեղանապետութեան գործակալին գործառոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեղանապետութեան գործակալը զբաղած է արքունի տան եկամուտերով եւ ծախսերով, պալատին տնտեսութեամբ, համարուած է թագաւորին խորհրդականը եւ «հաւատարիմն տանն արքայի»։

Մաքսապետութեան գործակալին գործառոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաքսապետութիւն գործակալը ղեկավարած է պետական եկամուտերը, մաքսային եւ տուրքային գործերը, ներքին եւ արտաքին առեւտրական յարաբերութիւնները։ Անոր ենթարկուած են քաղաքներու, նաւահանգիստներու եւ մաքսատուներու վերակացուները եւ միւս պաշտօնեան��րը։ Նաեւ, Արքունիքին մէջ գործած են այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ իշխանաց իշխանը, թագադիր իշխանը, սուրհանդակապետը (պետական գործակալ) եւ այլն։

Վարդգէս Սուրէնեանց «Զապէլ Թագուհիին վերադարձը» (1909)

Թագուհիին գործառոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ հեղինակութիւն վայելած է տիկնանց տիկինը՝ թագուհին։ Ան մասնակցած է արքունի եւ իշխանական խորհուրդի նիստերուն, քաղաքական մեծ դեր խաղացած է յատկապէս թագաւորին բացակայութեան, կամ վերջինիս մահուան պարագային։

Կանոնագիրք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիլիկիոյ հասարակական-քաղաքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար, սկզբնական շրջանին առաջնորդուած են «Կանոնագիրք Հայոց»ով եւ ժողովներու կանոնական որոշումներով: ԺԲ. դարու վերջին, Ներսէս Լամբրոնացի, պակասը որոշ չափով լրացնելու համար, թարգմանած է բիւզանդական «Զինուորական օրէնքները», իսկ ԺԳ. դարու կիսուն Սմբատ Սպարապետը՝ «Անտիոքի ասիզները»: Սակայն այդ օրէնքները հայերուն համար օտար էին, ուստի Սմբատ Սպարապետ, օգտագործելով հայ միջնադարեան իրաւագիտութեան նուաճումները, 1265-ին կազմած է «Դատաստանագիրքը»` ազգային օրէնսգիրքը[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. ՍՄԲԱՏ ՍՊԱՐԱՊԵՏԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔԸ
  2. «Կանոնագիրք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-22-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-12 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։