Jump to content

Կիլկամէշ (Դիւցազներգութիւն)

Կիլկամէշ, շումերաբաբելական հերոսական դիւցազներգութեան անուանումը։

Աշխարհի ամէնէն հին պահպանուած գրական ստեղծագործութիւններէն մէկն է, սեպագիրով գրուած ամէնէն մեծ երկը, Հին Արեւելքի գրականութեան մեծագոյն նմուշներէն մէկը։ դիւցազներգութիւնը ստեղծուած է աքքադերէնով շումերական աւանդազրոյցներուն հիման վրայ մեկուկէս հազարամեակի ընթացքին՝ Ք.Ա. 18-17-րդ դարերէն։ Անոր ամբողջական տարբերակը յայտնաբերուած է 19-րդ դարու կէսերուն Նինուէի՝ Աշուրպանիպալի գրադարանին մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին։ Անիկա գրուած է տասներկու վեցասիւն քարէ տախտակներու վրայ մանր սեպագիրերով, կը ներառէ շուրջ երեք հազար տող եւ թուագրուած է Ք.Ա. 7-րդ դարուն։ Քսաներորդ դարուն գտնուած են նաեւ հատուածներ դիւցազներգութեան այլ տարբերակներէն, որոնցմէ՝ խուռիերէն եւ խեթերէն։